image

«Կա'մ օգնեցէ'ք Հալէպին, կա'մ առիթ տուէ'ք, որ ուրիշը կատարէ այդ պարտականութիւնը». Ռուսիոյ ՊՆ

«Կա'մ օգնեցէ'ք Հալէպին, կա'մ առիթ տուէ'ք, որ ուրիշը կատարէ այդ պարտականութիւնը». Ռուսիոյ ՊՆ

Բրիտանիոյ Պաշտպանութեան նախարար Թերեզա Մայի վերջերս կատարած յայտարարութիւնը, թէ Մոսկուա կը խանգարէ Հալէպի աւերուած շրջաններ մարդասիրական օգնութիւններ հասցնելու գործողութիւնը, վշտացուցած է Ռուսիոյ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը, որուն ի պատասխան ՊՆ մամլոյ խօսնակ Իկոր Քոնաշինքով այսօր, 3 Դեկտեմբերին յայտարարած է, որ Ռուսիա ամէնօրեայ դրութեամբ օգնութիւններ կը տրամադրէ պատերազմէն տուժած քաղաքացիներուն, մինչ Բրիտանիա 5 տարիէ է վեր ոչ մէկ օգնութիւն ցուցաբերած է: Այս մասին հաղորդած է Ռուսիոյ ՊՆ պաշտօնական կայքը:

Նախարարութեան մամլոյ խօսնակը ամբաստանած է Լոնտոնը Սուրիոյ եւ յատկապէս Հալէպի դէպքերը գնահատելու առումով տրամաբանական հայեցողութիւնը կորսնցուցած ըլլալու եւ «Ռուսոֆոպիա»ով տառապելու մէջ:

Յայտարարութեան աւարտին Իկոր Քոնաշինքով ըսած է. «Եթէ իսկապէս Բրիտանական պետութիւնը նպատակ ունի օգնութիւններ տրամադրել Հալէպի արեւելեան շրջաններու բնակչութեան, ամէն առիթ բաց է անոր դէմ, իսկ եթէ չկան որեւէ բրիտանական օգնութիւններ, կը խնդրենք, որ չզրկէք ուրիշները օգնւթիւն տրամադրելէ»: