image

Իսլամ ընտանիք մը զրկուեցաւ Զուիցերիական հպատակութիւնէ

Իսլամ ընտանիք մը զրկուեցաւ Զուիցերիական հպատակութիւնէ

Զուիցերիա- («Ալ-Հայաթ»- Լոնտոն)- Զուիցերիոյ հիւսիսային կողմը գտնուող Քանթոն Պալ գիւղական համայնքի  վարչակազմը յայտարարած էր իսլամ ընտանիքի մը հպատակութեան դիմումի  վարոյթի կասեցման մասին, որ մեկնարկուած էր անցեալ յունուարին: Նման որոշման պատճառ դարձած էր իսլամ ընտանիքի երկու՝ 14 եւ 15 տարեկան մանչերու հրաժարումը՝ իրենց ուսուցչուհիին հետ ձեռնուելէ, կրօնական թելադրանքներէ ելլելով: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-հայաթ», նշելով, որ Քանթոնի վարչակազմը յայտնած է, որ երկու եղբայրները, որոնք Սուրիայէն Զուիցերիա հասած փախստական Իմամի մը որդիներն են, մերժած են իրենց դպրոցի մէջ ընդունուած օրէնքին համաձայն ձեռնուիլ ուսուցչուհիին հետ, որովհետեւ իսլամական օրէնքը  կ'արգիլէ տղամարդուն օտար կնոջ մը ձեռքին հպիլ: 14 տարեկան աշակերտը յայտնած էր, որ ինք իսլամի նման թելադրանքի մասին լսած էր առցանց իսլամական քարոզչական ծրագրի միջոցաւ:

Աղբիւրի համաձայն, դպրոցի տնօրինութիւնը իրենց ազատ կամքին թողած էր երկու աշակերտները, ինչը սակայն, սաստիկ զայրոյթ եւ բողոք բարձրացուցած էր Զուիցերիոյ մէջ, որոնց շարքին նաեւ ներքին գործոց նախարար Սամոնթա Սոմարուկայի, որ յայտարարած էր, թէ «ձեռնուիլը մեր մշակոյթին մաս կը կազմէ, եւ կրօնքի ազատութեան անունով աշակերտներուն անկէ հրաժարիլը ընդունելի չէ»:

Զուիցերիոյ իսլամական կազմակերպութիւններու միութիւնը իր հերթին նշած է, որ «տղամարդու եւ կնոջ միասին ձեռնուիլը ընդունուած է իրենց կրօնի համաձայն»: Մինչ Քաթոնի  իշխանութիւնները  այս մասին դիմած են  իրաւաբանական փորձին, որու արդիւնքները յստակ պիտի դառնան  մայիսի սկիզբը:

Կը նշուի, որ երկու աշակերտներուն հայրը, որ Պալի մէջ իմամ է, Սուրիայէն Զուիցերիա հասած էր 2001-ին, հպատակութիւն ստանալու դիմումով: