Իրպիլի մէջ այսօր իր մահկանացուն կնքած է Մուսուլի ծխատէր քահանայ Տ. Առաքել Քհնյ. Գասպարեանը: Այս մասին տեղեկութիւն ստացանք Իրպիլի մեր աղբիւրէն: «Արեւելք»ի աղբիւրը նաեւ նշեց, որ Տէր Հայրը շուրջ 5 ամիս առաջ եկեղեցւոյ մէջ իր պարտականութիւնները կատարելու ժամանակ կաթուած ստացած էր ու հիւանդանոց փոխադրուած: Ան ծանր դէպքէն ետք արժանացած էր բժիշկներու խնամքին եւ այսօր աւանդած իր հոգին: Յուլիս 2014-ին Մուսուլի վրայ շղթայազերծուած իսլամ ծայրայեղական ահաբեկչական ISIS խմբաւորման յարձակումի եւ դաժանութիւններու օրերուն, Մոսուլի հայ եկեղեցւոյ հոգևոր հովիւը, իրաքեան բանակի նախկին բժշկական սպայ Տէր Առաքել Գասպարեան, քաղաքի բռնագրաւումէն մի քանի ժամ առաջ 65 հայ ընտանիքներուն անվտանգ կը հեռացնէ Մուսուլէն եւ կը տեղաւորէ քրտական Իրպիլի, Տհոքի, Զախոյի, Ավզրուկի, Հավրէզի հայկական եկեղեցիներուն մէջ։ Այդ շրջանին է նաեւ, որ Տէր Առաքել հայկական լրատուական տարբեր միջոցներով հանդէս գալով հայրենի իշխանութիւններէն, խնդրած է օժանդակել, որպէսզի կարելի ըլլայ տեղահանուած ընտանիքները Հայաստան փոխադրել: Ապա ան, որպէս ծխատէր քահանայ նախ ծառայած է Իրպիլի Անքուա շրջանին մէջ ապա ծառայութիւնը շարունակած Զախո շրջանին մէջ: Տէր Հօր վերջին օծման եւ յուղարկաւորութեան արարողութիւնը համաձայն իր կտակին. պիտի կատարուի յառաջիկայ Երեքշաբթի օր Իրպիլի հայոց ազգային գերեզմանատան մէջ եւ արարողութեան պիտի հանդիսապետէ Իրաքի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Աւագ Արք. Ասատուրեան: Հանգուցեալ Տէր Հայրը ծնած էր Մուսուլ թուականին: Ան իր նախնական կրթութիւնը ստացած էր Մուսուլի հայկական նախակրթարանէն ներս, որմէ ետք հետեւած էր Պաղտատի համալսարանի դասընթացքներուն եւ 1950-ին, 1973-ին աւարտած Պաղտատի համալսարանի դեղագործութեան հիմնարկը: