image

Իրօ՞ք Հայաստանի համար ծանր օրեր կը սպասուին, թէ ...

Իրօ՞ք  Հայաստանի  համար ծանր օրեր կը սպասուին, թէ ...

Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի աւարտէն ետք քիչ չեղան այն մեկնաբանութիւնները,  ըստ որոնց սկիզբ առած զինուորական  գործողութիւնները կը ծառայէին բոլոր առումներով  Հայաստանի բազկերակը շօշափելուն:  Բացի անկէ, որ  տեղի ունեցած  պատերազմը դուռ  կը բանար շարք մը կարեւոր հարցադրումներու, յստակ կ'երեւար նաեւ, որ  սկիզբ առած  դէպքերը կանգ  պիտի չառնէին 5 ապրիլին: Այսինքն Պաքուի դարանակալ քաղաքականութեան յստակ  բեմադրումով  սկիզբ դրուած էր զինուորական-  քաղաքական  գործընթացի մը,  որուն  շուրջ  ըստ երեւոյթին կար նաեւ  շրջանային համաձայնութիւն մը:  Այս բոլորը անշուշտ  պէտք չէ կառուցել    «դաւաճանական  տեսաբանութեան» վրայ, բայց  յստակ էր նաեւ, որ ազրպէճանական թանկերն ու հրետանին  առանց  Մոսկուայի  համաձայնութեան չէին կրնար, ոչ մէկ քայլ  կատարել:

Առաջին արարը   կը  փակուէր  հայկական  բանակի  թելադրական   պատասխանով ու հակառակ, իր ունեցած  թանկ  կորուստներուն,     Հայաստանի պաշտպանական   ուժերը ջուրը կը նետէին   շատ հաւանաբար մինչ այդ պատրաստուած եւ  գործադրութեան  փուլի մը դրուած  ծրագիր մը:     Շրջանին մէջ տեղի ունեցող  զարգացումները   ցոյց կու տան, որ  մենք   այսօր մտած են  այդ բեմադրութեան երկրորդ փուլը:  Փուլ մը, որուն  ջուրին երեսը կայ բանակցութիւններու  խիւսով  պատրաստուած կերակուր մը, բայց  որուն   տակը կայ շատ աւելի վտանգաւոր   քաղաքական    ծրագիր- ճաշ մը: Ճաշը, ըստ երեւոյթին, պատրաստ է: Ու   խոհանոցի   հիմնական       բեմադրիչները, նոյնպէս ապահոված են    շրջանային  համաձայնութիւն մը, որուն դիմաց եթէ Հայաստանն ու Արցախը  ոչ   ըսեն, ապա    այդ կողմերը պատրաստ են  ճաշին եռացած  ջուրը   թափել Հայաստանի  գլխուն:

Ճիշդ է, որ Հայաստանի   հանրապետութեան նախագահին   Մոսկուա  այցելութիւնը  կարեւոր է, սակայն  աւելի  էականը  այս հարցերուն շուրջ ներքին ճակատին  վրայ   ընդհանուր  հասկացողութեան  բացակայութիւնն է:    Ներքին ճակատի        միացեալ պատին  ճեղքուելուն պատճառները    այսօր քննարկելն անգամ անիմաստ է, որովհետեւ բոլորին համար պարզ է, որ Հայաստանն ու Արցախը կը  կռուին   ժամանակի սլաքներուն դէմ:

Թէ ինչ պիտի ըլլայ  նախագահ Սարգսեանի Ռուսիոյ նախագահին հետ ունենալիք հանդիպման  արդիւնքները, կը պարզուին աւելի ուշ, սակայն   յստակ է, որ Հայաստանի նախագահի ուսերուն   դրուած է մեծ բեռ:

Նախ ներքին  ճակատին  մէջ վստահութեան  վերակերտման խնդիրը եւ յետոյ յստակօրէն   խօսելու  անհրաժեշտութիւնը, ուր  Սերժ Սարգսեան     առկայ խնդիրները պիտի ներկայացնէ  շատ անկեղծ  շեշտադրումներով:

Կ'ուզենք  հաւատալ, որ    համազգային  նշանակութիւն ունեցող  այս փուլին Հայաստանի նախագահը  ճիշդ քայլեր  առնելով    կը   պատրաստէ եւ կը ներկայացնէ  ազգային փրկութեան  ծրագի,  որովհետեւ միայն  ինքն է որ կրնայ նախաձեռնողի դերով հանդէս  գալ:

Ու չմոռնանք, որ Արցախի  երկինքին   կուտակուած  ամպերը (եթէ կան նման  ամպեր)  ցրուելը  ամբողջական  ճիգերով  եւ ներքին ճակատի ամրակուռ  կեցուածքով    ցրուելն ու վտանգներու յաղթահարումը  շատ աւելի հեշտ  պիտի  ըլլայ, քան եթէ  ըսենք  Ազատութեան հրապարակին վրայ շարունակուին,  արդէն իրենց ուժն ու իմաստը կորսնցուցած հաւաքները եւ  երկիրը  քաղաքական  վաագումի  տանելու  կոչերը:

Բոլոր  ներքին հարցերը  կը լուծուին,  սակայն ներկայ հանգրուանին  Արցախի անվտանգութեան խնդիրն է, որ կը գլխաւորէ  օրակարգը: Ու իշխանութիւնները գլխաւորութեամբ Հայաստանի  նախագահին կոչուած  են  այս  համազգային տագնապէն դուրս  բերել եւ Հայաստանը եւ  համայն  հայութիւնը: