image

Իրավիճակը Հեռու է Կայուն Ըլլալէ. Տիմիթրի Փէսքով

Իրավիճակը Հեռու է  Կայուն Ըլլալէ.  Տիմիթրի Փէսքով

Ռուսիոյ նախագահի  խօսնակ  Տիմիթրի Փէսքովի   կարծիքով    Լեռնային Ղարաբաղի մէջ  իրավիճակը  հեռու է   կայուն  ըլլալէ: Ռուս պատասխանատուն, որ այս մասին խօսած է  «Ռիա Նովոստի» ծառայութեան,  նաեւ ըսած է, որ իր երկիրը  պիտի շարունակէ  կարեւոր  ճիգեր իրականացնել  շրջանին մէջ խաղաղութեան վերահաստատման համար: Փէսքով  նաեւ յիշեցուցած է,  որ Մոսկուա      լաւ յարաբերութիւններ ունի  երկու  կողմերուն հետ եւ կը փորձէ այդ  յարաբերութիւններուն  վրայ  հիմնուելով կարգավորել    ընդհանուր իրավիճակը: