Չեչենիոյ նախագահ Ռամատան Քատիրով յայտնած է, որ Իրաքի մէջ Ռուսիոյ քաղաքացիներ յայտնաբերուած են, կը հաղորդէ «Սփութնիք» լրատուական գործակալութունը:
Քատիրովի հաւաստմամբ, իրաքեան ճամբարներէն մէկուն մէջ Ռուսիոյ քաղաքացի 13 կին ու 28 երեխայ յայտնաբերուած են:
Քատիրով «Instagram»ի իր էջին գրառում կատարած է, ուր նշած է, թէ Միջին Արեւելեան ու Հիւսիսային Ափրիկեան երկիրներու ներկայացուցիչներու գլխաւորութեամբ գործող աշխատանքային խումբը պարբերաբար կ'այցելէ Սուրիոյ եւ Իրաքի ազատագրուած քաղաքներու բանտերը, կալանավայրերն ու ճամբարները, տարբեր երկիրներէ ժամանած կիներ ու երեխաներ կան:
Չեչենիոյ նախագահը յայտնած է նաեւ, որ ներկայիս իր կարգադրութեամբ տեղի կ'ունենան ռուս կիներն ու երեխաներն իրենց երկիրն ուղարկելու աշխատանքները: