Իրաքեան դատարանը 15 թուրք կին մահուան դատապարտած է, վերջիններս մեղադրելով «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման անդամակցելու մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ֆրանսբրէս» լրատուական գործակալութիւնը:
Աղբիւրին համաձայն, դատաւորը 15 թուրք կիներուն դէմ մահուան դատավճիռը հրապարակած է այն բանէն ետք, երբ վերջիններս խոստովանած են «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման անդամ ըլլալու մասին:
Դատարանը նաեւ ցմահ բանտարկութեան վճիռ արձակած է մէկ այլ թուրք կնոջ դէմ: