Իրանի մէջ այսօր՝ ուրբաթ, տեղի պիտի ունենան Մեճլիսի (խոհրդարանի) ընտրութիւններ: Երկրի քաղաքացիները ընտրութիւն պիտի կատարեն 7148 թեկնածուներու միջեւ, որոնց մէջէն մօտ 800-ը կին է, կը գրէ ТАСС-ը:
Ընտրատեղամասերը երկրին մէջ պիտի բացուին տեղի ժամանակով 08:00-ին: Քուէարկութիւնը պիտի տեւէ մինչեւ 20:00-ը, սակայն տեղամասերու աշխատանքը կրնայ երկարաձգուիլ ըստ անհրաժեշտութեան:
Առաջին նախնական արդիւնքները, կը սպասուի, որ յայտնի ըլլան արդէն յաջորդ օրը: Միեւնոյն ժամանակ, կը նշուի, որ արդիւնքները յայտարարելու ժամկէտը կրնայ փոխուիլ ընտրութիւններն կայացնելու հարցով շտապի որոշմամբ:
Նշուած է, որ պատգամաւորները պիտի ընտրուին 4 տարի ժամկէտով, ուղիղ գաղտնի քուէարկութեամբ: Վերջին օրերուն իրանական գլխաւոր քաղաքական գործիչներն, այդ շարքին՝ Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանին եւ երկրի հոգեւոր առաջնորդ Ալի Խամենէին քաղաքացիներուն կոչ ըրած են աշխոյժ մասնակցութիւն ունենալու ընտրութիւններուն: Այնուամենայնիւ, Թեհրանի մէջ ընտրութիւններուն մասնակցելու պատրաստակամութիւն յայտնած է բնակիչներու 21%-ը:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսուիլ