image

Իրանի հոգեւոր առաջնորդը ծանր մեղադրանքներ հնչեցուց Սէուտական Արաբիոյ դէմ

Իրանի  հոգեւոր  առաջնորդը  ծանր մեղադրանքներ    հնչեցուց Սէուտական Արաբիոյ   դէմ

Իրանի  Իսլամական հանրապետութեան  հոգեւոր   առաջնորդ   Այաթոլլա  Ալի Խամէնիյի այսօր ծանր քննադատութիւններ  ուղղած է Սէուտական Արաբիոյ դէմ: Այաթոլլան, որ Թեհրանի իր նստավայրէն ներս ընդունած է անցեալ տարի    Մէքքէ ուխտագնացութեան մեկնած  եւ  զոհուած իրանցի   հաւատացեալներու հարազատները,  դիտել տուած է, թէ «Մինայի մէջ կատարուածը ցոյց տուաւ, որ Սէուտական Արաբիա  անկարող է  տնօրինել  իսլամական սուրբ տեղերը»:  Խամէնիյի նաեւ կոչ ուղղած է հիմնել   իսլամական համընդհանուր մարմին մը, որ քննութիւն պիտի բանայ Մինայի դէպքերուն վերաբերեալ  ու     կազմակերպէ Մէքքա  քաղաքի   ընդհանուր  տնօրինումը: Յիշեցնենք, որ  անցեալ տարի այս  ժամանակ     իրանցի   769   հաւատացեալներ զոհուած էին  Ալ Մինա     շրջանին  մէջ, որուն իբրեւ   հետեւանք   Թեհրան  առկախած է իրանցի  ուխտաւորներու դէպի  Մէքքա   ամենամեայ ուխատագնացութիւն  կատարելը: