image

Իրան Առաջին Անգամ Ըլլալով Պատուիրակութիւն Ղրկած է Հայատեաց ԱՍԻՄՏԷՐ-ի Համաժողովին

Իրան  Առաջին Անգամ Ըլլալով  Պատուիրակութիւն Ղրկած է  Հայատեաց ԱՍԻՄՏԷՐ-ի  Համաժողովին

Թրքական մամուլը մասնաւոր կարեւորութիւն ընծայելով կը հաղորդէ թէ Իրան առաջին անգամ ըլլալով պատուիրակութիւն մը ղրկած է հայկական ցեղասպանութեան պնդումը մերժող համագումարի մը: Այսպէս՝ Իրան, որ Հայաստանի հետ բարեկամական սերտ կապեր ունի, կերպով մը Հայաստանի դէմ դիրք գրաւած եղաւ՝ մասնակցելով հայկական պնդումները մերժող համագումարի մը: Այս համագումարը ինքզինք «Հայկական Անհիմն Պնդումներու Դէմ Պայքարի Միութիւն» (ԱՍԻՄՏԷՐ) կոչուած ծանօթ միութեան կողմէ կազմակերպուած էր Իզմիրի մէջ 19-20 փետրուարին: Այս համագումարը իր տեսակի մէջ երկրորդն էր, քանի որ առաջինը կազմակերպուած էր Ատրպէյճանի մէջ: Համագումարը պիտի կրկնուի ուրիշ երկիրներու մէջ ալ: Համագումարի մասնակցողները կը քննարկեն «Սէօզտէ» ցեղասպանութեան պնդումները, բռնագրաւուած հողամասերը (հաւանաբար կ'ակնարկուի Ղարաբաղի) եւ այլ հարցեր:

Այս աշխատաժողով-համագումարին մասնակցեցան Ազրպէյճան, Թուրքիա, Ղազախստան, Պուլկարիա, Թաթարիստան, Աֆղանստան եւ Վրաստան, որոնցմէ եկան մօտաւորապէս 80 կազմակերպութիւններ: Մասնաւոր ուշադրութիւն գրաւեց այն պարագան, թէ այս համագումարին պատուիրակութիւն ղրկեց նաեւ Իրանը, որ ընդունած է թէ Օսմանեան շրջանին ցեղասպանութիւն մը գործադրուեցաւ հայերու դէմ:

Այս կէտին վրայ ուշադրութիւն հրաւիրեց ԱՍԻՄՏԷՐ-ի նախագահ Կէօքսէլ Կիւլպէյ, որ մասնաւորաբար շեշտեց, թէ Իրան շատ լաւ յարաբերութիւններ կը պահէ Հայաստանի հետ:

«Սա պահուն Թուրքիոյ ու Ազրպէյճանի դռները փակ են Հայաստանի առջեւ: Վրաստանն ալ Ռուսաստանի պատերազմի հետեւանքով սկսաւ փակել իր դռները, չ'արտօներ, որ առաջուան չափ հանգիստ անցնին հայերը: Մնաց միայն Իրանի դուռը: Տրուած ըլլալով որ Հայաստան Ռուսաստանի դաշնակիցն  է եւ Իրանն ալ բարեկամական կապեր ունի Ռուսաստանի հետ, Իրան շատ տաք կապեր կը պահէ Հայաստանի հետ: Ուրեմն առաջին անգամ է, որ Իրան պատուիրակութիւն մը կը ղրկէ հայկական ցեղասպանութեան պնդումներու նիւթին մէջ: Ասիկա մեզի համար մեծ յաջողութիւն եւ ուրախութիւն է, որովհետեւ մենք շատ կ'ուրախանանք տեսնելով, որ մասնաւորաբար հայկական հարցի մէջ Իրան մեր կողքին կը կանգնի» ըսաւ ԱՍԻՄՏԷՐ-ի նախագահը:

Աւելին կայ: ԱՍԻՄՏԷՐ-ի նախագահը ըսաւ որ Իրան առաջարկած է որ այս համագումարին յաջորդը կայանայ Իրանի Թաւրիզ քաղաքին մէջ: Կիւլպէյ աւելցուց, որ ուրեմն յաջորդ համագումարը կրնայ կազմակերպուիլ  Հայոց կեղծ ցեղասպանութեան յիշատակութեան օրը, եւ ասիկա իր մասնաւոր նշանակութիւնը կ'ունենայ:

Ըստ ԱՍԻՄՏԷՐ-ի նախագահին, Իրանի պատուիրակութիւնն ալ ընդունած է, որ Ղարաբաղը ատրպէյճանական հողամաս է ու այս հարցով զբաղելու համար մասնաւոր կոմիտէ մը պիտի հիմնուի:

ԱՍԻՄՏԷՐ-ի նախագահը մասնաւորաբար շեշտեց, որ իր Իրանի պատուիրակութեան մասնակցութիւնը հիմա մեծ զայրոյթ պիտի յառաջացնէ Հայաստանի քաղաքական կարգերէն ներս: