image

Իր լրումին հասաւ Սպիտակի երկրաշարժի 30-րդ տարելիցը

Իր լրումին հասաւ Սպիտակի երկրաշարժի 30-րդ տարելիցը

 

Հայաստանի ԽՍՀ հիւսիսային շրջանները այդ օրը ժամը 11։41-ին ցնցուեցան աւերիչ երկրաշարժէն, որ էպիկեդրոնի անունով կոչուեցաւ Սպիտակի երկարաշարժ։

Աւելի քան 25 հազար մարդու կեանք ընդհատուեցաւ, տասնեակ հազարաւորները վիրաւորվեցան, հարիւր հազարաւոր մարդիկ ալ անօթեւան մնացին։ Անմիջապէս էպիկեդրոնի մէջ գտնուող Նալպանտ գիւղն ու մերձակայքը գտնուող Սպիտակ քաղաքը հողին հաւասարուեցան։ Մեծապէս տուժեցին հանրապետութեան մեծութեամբ երկրորդ եւ երրորդ քաղաքները՝ Լենինականն (Գիւմրի) եւ Կիրովականը (Վանաձոր)։ Գրեթէ ամբողջութեամբ աւերուեցան բարձրայարկ շէնքերը, եւ սա մեծ թիւով զոհերու պատճառներէն մէկն էր։

Միւս պատճառն այն էր, որ աւերիչ երկրաշարժը, որ գերազանցեց 7 մակնիթուտը, տեւեց կէս րոպէ։

Երկրաշարժը զգացուած է Երեւանի եւ Թիֆլիսի մէջ, այն գրանցուած է աշխարհի սեյսմոլոկիական կայաններու մէջ։

Աւերակներու տակ յայտնուեցան տասնեակ հազարաւոր մարդիկ։ Աւերուեցան գործարաններ ու ֆապրիքաներ, դպրոցներ ու հիւանդանոցներ, տուժեցին ենթակառուցուածքներ։ ԽՍՀՄ բոլոր հանրապետութիւնները, օտարերկրեայ պետութիւնները օգնութեան շտապեցին տուժած Հայաստանին։

Ցաւոք, երկարաշարժի հետեւանքներու վերացումը երկու օդանաւերու անձնակազմի կեանք խլեց․ զոհուեցան մարդասիրական օգնութիւն բերող խորհրդային եւ հարաւսլաւական օդանաւերու անձնակազմը։ Աւերակներու մաքրման աշխատանքներուն կը մասնակցէին խորհրդային բանակի քանի մը հազար զինուոր ու սպայ։ Աղէտալի ողբերգութիւնը ստիպեց մտածել յատուկ ստորաբաժանման մասին, որ յետագային ստեղծուեցաւ ԱԻՆ-ի կողմէ։

Սկսաւ տուժած շրջաններու աշխոյժ վերականգնման ծրագիրը, որ ընդհատուեցաւ ԽՍՀՄ փլուզմամբ։ 30 տարի անց անօթեւան դարձած մարդոց մեծ մասը ապահովուած է բնակարաններով։ Սակայն Շիրակի ու Լոռիի մարզերուն մէջ դեռ կան ընտանքիներ, որոնք կը շարունակեն գոյատեւել տնակներու ու ժամանակաւոր կացարաններու մէջ։