image
Հրատապ լուրեր:

Ի՞նչ տեղի ունեցած է MEA թիւ 305 թռիչքին հետ . Լիբանանի նախագահութիւնը կը յստակեցնէ

Ի՞նչ տեղի ունեցած է MEA  թիւ 305 թռիչքին հետ  . Լիբանանի նախագահութիւնը կը յստակեցնէ

Երէկ կէսօրին մինչ Lիբանանի հանրապետութեան նախագահ Զօր. Միշէլ Աուն կը պատրաստուէր Պէյրութի վրայով մեկնիլ Նիւ Եորք, ընկերային ցանցերու եւ յատկապէս ֆէյսպուքի էջերու վրայ լիբանանցի աքթիւիսթներ քննադատական խօսքեր կը գրառէին:

Խնդիրն այն է, որ լիբանանեան օդանաւային MEA (Middle East) ընկերութեան թիւ 305 թռիչքը, որ պիտի թռչէր դէպի Գահիրէ, զանց առնուած է եւ թռչելու պատրաստ 100-է աւելի ուղեւորները օդանաւէն վար իջեցուած են, որպէսզի նոյն օդանաւը Զօրավար Աունը տանի դէպի Փարիզ, անկէ ետք ալ դէպի Նիւ Եորք:

Իր կարգին, Լիբանանի նախագահութեան պաշտօնական գրասենեակը նոյն առումով հաղորդագրութիւն մը հրապարակած է, ըստ որուն նախագահի ճամբորդութեան հետ կապուած կարգադրութիւնները նոյն են եւ տեղի ունեցած սխալը պէտք չէ բեռցնել նախագահութեան ուսերուն:

Յիշեցնենք, որ մէկէ աւելի քաղաքական գործիչներ քննադատած են այս երեւոյթը նշելով, որ մինչ նախագահ Աուն կը խօսի ամբողջ ժողովուրդի անունով եւ կը համարուի բոլոր լիբանանցիներուն հայրը, ան այսպիսի անընդունելի արարքներով կը վարկաբեկէ ոչ միայն իր վարկը, այլ ամբողջ նախագահական նստաշրջանը: