Շատ մը գաղթականներ անակնկալի կու գան, երբ դէմ հանդիման կը գտնուին Գանատայի ապրուստի բարձր գիներուն: Այս մասին գրող աղբիւրները կը յայտնեն, թէ Գանատա ժամանող սուրիացիներուն մօտ եղած գումարները արագօրէն կը սպառին:Այս իրավիճակի մէջ գտնուած են հինէն ի վեր Գանատա հաստատուած շատ մը գաղթականներ, որոնք առաջին տարիէն իսկ վերջ տուած են իրենց երազային յաջող կեանքի պատմութեան, դեռ նոյնիսկ չսկսած:
Կեանքը Արեւմուտքի մէջ եւ մասնաւորապէս՝ Գանատայի մէջ այնպէս չէ, ինչպէս կ'երեւայ ֆիլմերուն մէջ, հոն երեւացող գեղեցիկ հագուստները, մեծ տուները, շքեղ ինքնաշարժները այլ բան չեն, եթէ ոչ գանատացի քաղաքացիին վիզին կուտակուող պարտքեր, որոնք երթալով աւելի կը ծանրանան, ինչքան շատնան կեանքի պահանջքները (ամուսնութիւն, մեղրալուսին, ճամբորդութիւն, տուն եւ այլն), որոնց համար դրամատուները «սրտաբաց» կը սպասեն խնդրոյ առարկային, որ իրենցմէ վարկ վերցնէ:
Աւելի ճիշտ պատկերացում մը տալու համար, թէ ինչ կը նշանակէ սուղ ապրուստը Գանատայի մէջ, ծանօթանանք Գանատայի մէջ անհրաժեշտ կարգ մը նախնական ծախսերու:
Տան վարձք: Գանատայի մէջ մէկ կամ երկու սենեականի տան վարձը կը տարուբերի 1200-1800 ամերիկեան տոլարի, իսկ մեծ ընտանիքներու( 4-5 անձ) համար 1700-2500 ամերիկեան տոլարի միջեւ:
Ելեքտրականութիւն. 60-100 ամերիկեան տոլար է, նայած ինչքան ելեքտրական սարքեր կ'օգտագործուին տան մէջ:
Ջուր. 25-35 ամերիկեան տոլար, որ յաճախ տան վարձին մէջ ներառեալ կըլլայ:
Վառելանիւթ. 1 լիթրը՝ (1-1,35) ամերիկեան տոլար, այսինքն մէկ ինքնաշարժի համար 60 լիթրը՝ 60-81 ամերիկեան տոլար :
Համացանց. 25-80 ամերիկեան տոլար ՝ կախեալ պահանջուած գիծի արագութենէն:
Բջիջային. Ամսական բաժանորդագրութիւնները կը սկսին 30-90 ամերիկեան տոլարէ , կախեալ ամսական փլանի ցանկալի յատկութիւններէն:
Ինքնաշարժի ապահովագրութիւնը. Սա գաղթականի ամենամեծ դժուարութիւնն է, որու աժան ձեւով ձեռք ձգելը պայմանաւորուած է յաճախորդի Գանատային եւ առաջին կարգի երկիրներու մէջ ապրող անհատի պատմութենէն, այնպէս որ գաղթականին պիտի վերաբերուին որպէս սկսնակ նոր վարորդ, այսինքն քանի մը տարի մեծ գումար պիտի վճարէ, մինչեւ որ անցեալ մը ունենայ երկրին մէջ: Ապահովագրութեան համար նախնական վճարումները կը տարուբերին ամսական կտրուածքով 250-էն ամերիկեան տոլարէն մինչեւ 450 ԱՄՆ տոլար:
Երթեւեկութիւն. այս մէկը ստիպուած պիտի ըլլայ օգտագործել նոյնիսկ ինքնաշարժ ունեցողը, եթէ աշխատատեղին քաղաքի կեդրոնը ըլլայ, որ շատ խճողուած է եւ կառատան ծախսը շատ է, մէթրոյի օգտագործումը ամսական 120-200 ամերիկեան տոլար Է:
Սնունդ. կախեալ է անհատի եւ ընտանիքի սպառողականութենէն, որ 1 անհատի համար կը կազմէ 350-450 ամերիկեան տոլար, իսկ 5 անձէ բաղկացած ընտանիքի համար 1000-էն 1350 ամերիկեան տոլար:
Այս բոլորին կու գայ միանալու անձնական դպրոցի մասնավճարները, համալսարաններու թոշակները, երեխաներու յատուկ ծրագիրները, հագուստը, խաղալիքը, ճաշարանները, անձնական եւ ընտանեկան ծախսերը:
Ուրեմն , Գանատայի մէջ միջին կեանք մը վարելու նախնական պահանջքները կը տատանուին ամսական 3000-էն 4500 ամերիկեան տոլարի միջեւ, այսինքն տարեկան՝ 36000-54000 ամերիկեան տոլար:
Տեղեկութիւն մը, որ ցնցող կրնայ ըլլալ: Գիտէ՞ք որ Գանատայի ժողովուրդի մեծամասնութիւնը կը տառապի յարաբերական աղքատութենէ: Գանատացի քաղաքացիին միջին տարեկան եկամուտը Միջազգային արժոյթային հիմնադրամի համաձայն 45,000 ԱՄՆ տոլար է, որ ցած եկամուտ կը նկատուի թանկ ապրուստով ապրող Գանատայի համար, ինչը պատճառ կը դառնայ պարտքերու եւ անոնց տոկոսներու կուտակման, որ սունկերէն աւելի արագ կ'աճին, եւ անձը կը դառնայ աղքատ՝ հակառակ աշխատանքի, եւ անվճար կառավարական ծառայութիւն (ինչպէս՝ բժշկական ապահովագրութիւն) ձեռք ձգելուն:
Շատ մը գաղթականներ կը կարծեն, որ կրնան Գանատա ապրիլ վստահելով կառավարական օգնութիւններուն վրայ, որ ծանօթ է «Welfare» անունով, սակայն անոնք չեն գիտեր, որ այդ գումարը հազիւ իրենց տան վարձքի ծախսը կը ծածկէ: