Ռուսիոյ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ ռուսական հաշտութեան կեդրոնը տեղեկացած է, թէ Իտլիպի մէջ օտարերկրացի ռազմագէտներ կը պատրաստուին կեղծ քիմիական յարձակումներ կատարելու:
«Սփութնիք» լրատուական գործակալութեան փոխանցմամբ, Ռուսիոյ Պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական խօսնակ Իկոր Քոնաշինքով յայտնած է, թէ Իտլիպի հարաւային Քաֆար Զէթա շրջանին մէջ յառաջիկայ երկու օրերու ընթացքին թունաւոր զէնքերով յարձակում պիտի իրականացուի, աւելցնելով, որ Իտլիպի հիւսիսային շրջանը գտնուող խմբաւորումները մաս պիտի կազմեն քիմիական յարձակման:
Քոնաշինքով դիտել տուած է նաեւ, որ յարձակումէն անմիջապէս ետք ժողովուրդէն ոմանք ճերմակ սաղաւարտներ կրելով տեսանիւթեր պիտի նկարեն եւ զանոնք ուղարկեն անգլալեզու արաբական լրատուական կայաններու:
Միւս կողմէ, ըստ Քոնաշինքովի, բրիտանական «Olive group» ընկերութեան կազմակերպած վարժութիւններուն հետեւած անհատներ կեղծ փրկարար ծառայութիւններ պիտի մատուցեն Իտլիպի մէջ քիմիական զէնքերէն վնասուածներուն: