Երէկ ամբողջ օրը բողոքի լայնածաւալ ցոյցեր տեղի ունեցած են Ալճերիոյ մայրաքաղաքին մէջ: Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատուական գործակալութիւնը:
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ երէկ երեկոյեան ժամերուն մայրաքաղաքի կեդրոնը գտնուող նախագահական պալատին շուրջ տեղի ունեցած հրմշտուքի հետեւանքով զոհուած են երկու անձեր եւ արձանագրուած են տասնեակ վիրաւորներ:
Յիշեցնենք, որ Ալճերիոյ ժողովուրդը ցոյցեր կը կատարէ, բողոքելու համար երկրի նախագահութեան ղեկը ստանձնած Ապտ Ալ-Ազիզ Պութաֆլիքայի թեկնածութեան դէմ:
Յիշեցնենք, որ Պութաֆլիքա, որ չորս նստաշրջաններէ ի վեր երկիրը կը ղեկավարէ, մտադիր է դարձեալ իր թեկնածութիւնը դնել յառաջիկայ ընտրութիւններուն:
Յայտնենք, որ Ալճերիոյ մէջ նախագահական ընտրութիւնները պիտի կատարուին 18 Ապրիլին: