image

Ինչ «բարդոյթ»ով կը տառապի Ապտըլ Հալիմ Խատտամը

Ինչ «բարդոյթ»ով կը տառապի Ապտըլ Հալիմ Խատտամը

Սուրիոյ նախկին նախագահի խորհրդական Ապտ Ալ Հալիմ Խատտամ երբեք չէ ընդունած Պաշշար Ասատը որպէս նախագահական պաշտօնին արժանի անձ, այն պատճառով, որ ինք թէ' աւելի հին, եւ թէ աւելի փորձառու քաղաքական գործիչ եղած է Սուրիոյ մէջ:

«Ալ Տիար» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, երբ Պաշշար Ասատ 2000 թուականին ստանձնեց նախագահի պաշտօնը, Խատտամին կը թուար, թէ ինք պիտի ըլլար երկրիիսկական ղեկավարը, իսկ Ասատ պիտի մնար ոչ աւելին, քան Սուրիոյ քաղաքական դէմքը, սակայն աւելի ուշ ան դէմ յանդիման կանգնեցաւ այն փաստին, որ Ասատ բաւական ուժեղ ու հզօր քաղաքական գործիչ է:

Միւս կողմէ Ասատ իր գահակալութեան առաջին իսկ տարիէն կաշառակերութեան ու փտածութեան դէմ պայքար յայտարարեց, եւ այդ պայքարի գլխաւոր թիրախներէն մէկը Խատտամ հանդիսացաւ, որուն հետեւանքով ալ վերջինիս երկիրը ղեկավարելու հեռանկարները աստիճանաբար կրճատուեցան:

Կայքին փոխանցմամբ, այսօր Ապտըլ  Հալիմ Խատտամ յայտարարած է, որ արտահերթ նախագահական ընտրութիւններ յայտարարելու պարագային ինք իր թեկնածութիւնը պիտի առաջարկէ այդ պաշտօնին, սակայն դժուար է գուշակել, թէ վերջինիս որքանո՞վ հնարաւոր պիտի ըլլայ անցնիլ Ասատին, որ  տարիներու թէժ պայքար մղեց այդ պաշտօնին մնալու համար: