image

«Հըզպալլա». Վարչապետութիւնը՝ Հարիրիին, իսկ նախագահը մեզի

«Հըզպալլա».    Վարչապետութիւնը՝ Հարիրիին, իսկ նախագահը  մեզի

Լիբանանեան  «Ալ Ախպար» օրաթերթը   վերլուծական   նիւթով մը անդրադարձած է անցնող ամիսներուն  «Հըզպալլա» կուսակցութեան եւ Լիբանանի    սիւննի համայանքի   առաջնորդ Սաատ Հարիրիի միջեւ   կայացած  բանակցութիիւններուն: Ըստ  տրուած տեղեկութեանց «Հըզպալլա»   ընդունած է, որ յառաջիկայ  փուլին Սաատ Հարիրի ստանձնէ երկրի վարչապետի   պաշտօն, նախապայման ունենալով   Զօր. Միշէլ Աունի   Լիբանանի նախագահ ընտրուիլը:  Թերթը նաեւ կը յիշեցնէ, որ այս խօսակցութիւնները եղած են   մօտիկ անցեալին   եւ  Հարիրին հովանաւորող կողմը ՝ Սէուտական Արաբիան  եւս  տեղեակ է այս  տուեալներէն: Աւարտին  թերթը գրած է, թէ այդ   հանգրուանին       Րիատի կողմէ բանակցելու     մեծ իրաւասութիւններ  ունէր, սակայն այսօր պարզ չէ, թէ  իր լիազօրութիւններու  ընդհանուր  սահմանագիծը: