image

«Հըզպալլա» Կը Հարուածէ Մազարէհ Շըպհայի Մէջ

«Հըզպալլա»   Կը Հարուածէ  Մազարէհ Շըպհայի   Մէջ

 Լիբանանեան  «Հըզպալլա»  կազմակերպութիւնը  այսօր  լարուած ական մը պայթեցու    Իսրայէլի կողմէ  գրաւուած    «Մազարէհ Շըպհա» շրջանին մէջ: Ականը  թիրախ  ընտրած է իսրայէլեան  բանակին պատկանող «Համըր»   տիպի զինուորական կառք մը:    Պայթումէն ետք  եւ մինչեւ այս  պահը  իսրայէլեան բանակի    հրանօթները կը հարուածեն Լիբանանի սահմանային   հատուածները եւ յատկապէս «Մազարէհ Շանուհ»ի     լիբանանեան բանակի դիրքերը:  Նշենք, որ դէպքէն ետք հաղորդագրութեամբ մը հանդէս գալով «Հըզպալլա»  յայտարարած է, թէ յարձակումը կատարուած է   «Սամիր Քընթար» խմբաւորման կողմէ: Իսրայէլեան կողմին մօտ զոհերու կամ վիրաւորներու մասին մինչեւ այս պահը տեղեկութիւններ չեն հաղորդուիր: