Հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու միջկուսակցական հերթական ժողովը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 24 փետրուար 2016-ի երեկոյեան, Թէքէեան կեդրոնին մէջ, Ժըմմէյզի, Պէյրութ: Հանդիպումը առիթ մըն էր քննարկելու Լիբանանն ու լիբանանահայութիւնը յուզող քաղաքական եւ ազգային հարցեր: Ժողովականները լիբանանահայութեան անվտանգութիւնը ամէն քաղաքական կամ կուսակցական շահերէ վեր դասեցին եւ ինչպէս պատմականօրէն եղած է` ծրագրեցին միասնաբար դիմագրաւել Լիբանանի եւ շրջանի քաղաքական ու ապահովական այն բոլոր խնդիրները, որոնք կրնան ժխտական ազդեցութիւն ունենալ լիբանանահայութեան վրայ:Սուրիահայութեան հարցով ժողովականները իրենց անվերապահ նեցուկն ու զօրակցութիւնը յայտնեցին սուրիահայ հայրենակիցներուն եւ որոշեցին աւելի եւս համակարգուած ու ծրագրուած կերպով հասնիլ անոնց պէտքերուն: Ժողովականները, մաղթելով հանդերձ, որ սուրիահայութիւնը չլքէ իր ծննդավայրը, շեշտեցին, որ պայմաններու հարկադրանքով ամէն գաղթական պէտք է ունենայ մէկ ու միակ ուղղութիւն, որն է հայրենիքը` Հայաստան ու Արցախ: Ինչ կը վերաբերի Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակին, ժողովականները կազմեցին Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման միջկուսակցական մարմինը, որ շուտով պիտի անցնի իր աշխատանքներուն: