image
Հրատապ լուրեր:

Հ.Յ.Դ. Բիւրոն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը Անթիլիաս այցելեց

Հ.Յ.Դ. Բիւրոն  ներկայացնող  պատուիրակութիւն մը Անթիլիաս այցելեց

Հինգշաբթի, 28 Ապրիլ 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց  Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ՝ Հրանդ Մարգարեանին։ Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Ղարաբաղի վերջին իրադարձութիւններուն ու Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան առնչուած հարցեր։