Ռուսաստանը Հայաստանի տարածքին նորագոյն «Небо-М» ռատիօտեղորոշիչ կայաններ տեղակայած է: Թրքական «Hürriyet» պարբերականը անդրադարձած է կայանի տեղակայմանը եւ անոր նշանակութեան:
Նշենք, որ «Небо-М»-ը ռուսաստանեան ռատիօտեղորոշիչ կայաններու շարքին նորագոյններէն է: Կայանի գործողութեան առաւելագոյն հեռաւորութիւնը 1800 քիլոմեթր է, միաժամանակ ան կրնայ վերահսկել մինչեւ 20 պալիսթիկ հրթիռներու թռիչքներ:
Թերթը կը մէջբերէ ռուս ռազմական փորձագէտ Եւկէնի Տամանցեւի հետեւեալ դիտարկումը. «Ռուսաստանը կը սկսի վերահսկել այլ երկրներու օդային տարածքները՝ կրկին մեծցնելով իր ազդեցութիւնը Կովկասի մէջ: Օգտուելով Հայաստանի հետ սերտ ռազմական համագործակցութենէն՝ Ռուսաստանը Գիւմրիի 102-րդ ռազմակայանն մէջ տեղակայած եւ գործարկած է «Небо-М» ռատիօտեղորոշիչ կայաններ»:
«Hürriyet»-ի բնորոշմամբ՝ Հայաստանի անվտանգութեան տեսանկիւնէն այս կայաններու տեղադրումը Գիւմրիի մէջ որեւէ էական նշանակութիւն չունի:
«Բայց այն Վրաստանի ու Ազրպէյճանի օդային տարածքը ամբողջութեամբ, իսկ Թուրքիոյ, Իրաքի եւ Իրանի օդային տարածքներու հսկայական մէկ հատուածը դիտարկելու հնարաւորութիւն կու տայ: Հայկական ռազմական աղբիւրները Ռուսաստանի այս քայլը կը բնորոշեն որպէս հակակշիռ Ազրպէյճանի՝ Իսրայէլէն գնած «Green Pine» ռատիօտեղորոշիչ կայաններու: Սակայն իրական նպատակը Թուրքիոյ մէջ ԱՄՆ-ի եւ ՆԱԹՕ-ի կողմէ օգտագործուող Ինճիրլիքի ռազմակայանի վերահսկումն է »,- կը գրէ թերթը: