image

Հրթիռներ ինկած են Հալէպի խաղաղ բնակչութեան շրջաններուն ուղղութեամբ

Հրթիռներ ինկած են Հալէպի խաղաղ բնակչութեան շրջաններուն ուղղութեամբ

Երէկ հրթիռներ ինկած են յատկապէս Հալէպի Մոկամպօ, Սէպիլ եւ Շարէհ Ալ-Նիլ շրջաններուն վրայ, որոնց հետեւանքով գրանցուած է մէկ զոհ եւ  ինկած են երեքէ աւելի վիրաւորներ, ինչպէս նաեւ նիւթական մեծ վնասներ: Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ «Ալ-Ժատիտ» լրատուական կայանը:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ այս հրթիռարձակումները երկրորդն են այս շաբթուան ընթացքին:

Յիշեցնենք, որ շուրջ շաբաթ մը առաջ նոյնպէս հրթիռներ ինկած էին Հալէպի կեդրոնական հատուածերուն վրայ, որոնց հետեւանքով զոհուած էին երկու անձեր եւ վիրաւորուած ութ ուրիշներ:

Ըստ «Ալ-Ժատիտ» կայանին, հրթիռները թիրախ ընտրած են խաղաղ բնակչութեան թաղամասերը: