image

Հրթիռներ Հալէպի Կրթասիրաց Վարժարանի շէնքին վրայ

Հրթիռներ  Հալէպի Կրթասիրաց Վարժարանի շէնքին վրայ

Հրթիռներ ինկած են Հալէպի  Կրթասիրաց  վարժարանի  շէնքին  վրայ: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նոյնպէս յայտնեց, որ հրթիռները պատճառած են  նիւթական մեծ վնասներ, յատկապէս վարժարանի երկրորդ յարկին մէջ, ինչպէս նաեւ դպրոցի պատուհաններու ապակիները փշրուած են: Նոյն առումով «Արեւելք» կապ հաստատեց «Կրթասիրաց» վարժարանի երեւանեան ներկայացուցիչ՝ Ալէք Գարատանաեանին հետ, որ հաստատեց թէ հրթիռարձակումներուն հետեւանքով մարդկային տոյժեր չկան ու նախքան հրթիռարձակումները դպրոցի  պատասխանատուներու կարգադրութեամբ աշակերտները մեկնած  են իրենց  տուները: Նշենք, որ ծանր զարգացումներուն հետեւանքով  վարժարանը   փակ պիտի պահէ իր դռները հինգշաբթի եւ  ուրբաթ օրերը:   

 Յիշեցնենք, որ այսօր առաւօտեան  ժամերէն սկսեալ  Հալէպի հայկական շրջանները թիրախ դարձած են ծանր հրթիռարձակումներու: Հրթիռարձակումներ եղած են յատկապէս Սուլայմանիյէ, Թիլալ, Միտան, Մայսալուն, Մուշիյէ, Պուսթան Քլապ, Սայէտ Ալի, Պապ Ալ-Ֆարաժ եւ այլ խաղաղ բնակչութեան շրջաններու դէմ: Հալէպի մէջ դրութիւնը կը շարունակէ մնալ  պատերազմական, եւ քաղաքը յայտնուած է ամայացած վիճակի մէջ: