Այսօր յետմիջօրէին հրթիռներ ինկած են Հալէպի «Համալսարանական համալիր»ի շրջապատը: Ըստ «Սանա» լրատուական գործակալութեան, եղած հրթիռարձակումներուն հետեւանքով զոհուած են 6 անձեր եւ կան 20 վիրաւորներ: Կը նշուի նաեւ, որ նոյնպէս հրթիռներ ինկած են «Ալ Համատանիյէ» շրջանին վրայ, ուր կան 4 վիրաւորներ: Ինչ կը վերաբերի Հալէպի հայկական թաղամասերուն, ըստ «Արեւելք»ի աղբիւրին, իրավիճակը կը մնայ հանդարտ եւ սպասողական: Անցնող օրերուն ընթացքին քաղաքի հայկական հատուածին հայթայթուած է ջուր եւ ելեքդրականութիւն: Մեր աղբիւրը նոյնպէս կը հաղորդէ, որ հայկական վարժարանները կը գործեն բնականոն հունով: