image

Հրատապ.Նախկին նախարար Գագիկ Խաչատրեան բերման պիտի ենթարկուի

Հրատապ.Նախկին նախարար  Գագիկ Խաչատրեան   բերման պիտի ենթարկուի

ՀՀ  նախկին   ելեւմուտքի   նախարար  ՝Գագիկ Խաչատրեանը    բերման  պիտի  ենթարկուի։   Այս մասին   քիչ առաջ  խօսած է   ՀՀ  ԱԱԾ-ի պետ  Արթուր Վանեցեան։ 

Ան  նաեւ ըսած է, որ ԱԱԾ-ն խուզարկութիւն իրականացուցած է Հայաստանի Հանրապետութեան ելեւմուտքի նախկին նախարար, ՊԵԿ  (Պետական  Եկամուտներու Կոմիտէ) նախկին նախագահ Գագիկ Խաչատրեանին պատկանող տարածքներուն մէջ, առանձնատունը, բնակարանը, ինչպէս նաեւ անոր հետ կապ ունեցող այլ անձերու պատկանող տարածքներուն մէջ  եւ  առանձնատուները:

 

«Գագիկ Խաչատրեանին  տակաւին  չեն ձերբակալած, վաղ առաւօտէն ԱԱԾ քննչական վարչութիւնը կ‘իրականացնէ քննչական գործողութիւններ, խուզարկութիւններ կը կատարուին Գագիկ Խաչատրեանին պատկանող տանը, բնակարանը, տարածքները, ինչպէս նաեւ անոր հետ կապ ունեցող այլ անձերու տարածքները եւ առանձնատուները»,- ըսաւ Վանեցեանը՝ անդրադառնալով մամուլին մէջ  շրջանառուող լուրերուն, թէ Գագիկ Խաչատրեանը ձերբակալուած է:

Ան աւելցուց, որ խուզարկութեան հետ կապուած որւէ բան չի կրնար ըսել, որովհետոեւ այդ նախաքննութեան գաղտնիք է: Անոր խօսքով՝ երբ ժամանակը կ‘ըլլայ, ամբողջովին պիտի հրապարակուին բոլոր մանրամասնութիւները: