image

Հրանդ Տինքի Սպաննութեան Հարցով Դատարան Ներկայացող Զինուորականները Կիւլէնիստ Են. Daily Sabah

Հրանդ Տինքի Սպաննութեան Հարցով Դատարան Ներկայացող Զինուորականները Կիւլէնիստ Են. Daily Sabah

Թուրքիա-(«Տէյլի Սապահ»-Պոլիս)-Կիւլէնական շարժման հետ կապուած կասկածեալ ոստիկանապետերու՝ վաղը առաջին անգամ ըլլալով դատարանի առջեւ կանգնելով, թուրք հայազգի լրագրող, «Ակօս» թերթի գլխաւոր խմբագիր Հրանտ Տինքի սպանութեան դատավարութիւնը պիտի թեւակոխէ նոր փուլ մը: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Սապահ», նշելով որ  Տին­քի դէմ գոր­ծուած մահա­փոր­ձին վերաբերեալ երկու դատական գործերը միացնելու նախապէս առնուած որոշումէն ետք, պարզ դարձած էր Կիւլէնիստական շարժման հետեւող ոստիկանապետերու մեղսակցութիւնը 2007-ի սպանութեան:

Ինչպէս «Արեւելք» նախապէս փոխանցած էր, Տինքի սպաննութեան վերաբերեալ նոր նկարներ  մէջտեղ գալով  փաստուած էր նաեւ այս նոյն գաղտնի սպասարկութեան աշխատակիցներու դէպքի վայր գտնուիլը եւ իրենց հսկողութեան տակ սպաննութեան իրականացուիլ: Հետեւաբար, ինչպէս աղբիւրը կը նշէ, այս կապակցութեամբ կասկածեալները վաղը Պոլսոյ դատարանին առջեւ պիտի յայտնուին, եւ դատավարութիւնը պիտի շարունակուի երեք օր:

«Սապահ»ի համաձայն,  այս հարցի վերաբերեալ դատարանը նախապէս մեղադրած եւ Պոլսոյ 14-րդ  ոճրադատ ատեանին առջեւ վկայութեան կանչած էր 26 գաղտնի սպասարկող մեղադրեալներ, որոնցմէ կը նշուին մասնաւորապէս Տինքի սպանութեան շրջանին պաշտօնի վրայ եղած՝ Ճէլալ Ալ Տին Ճարրահի եւ Ալի Ֆուատ Եըլամազարին, որ նախապէս ձերբակալուած էր Կիէլէնիստական շարժման հետեւորդ ըլլալու ամբաստանութեամբ:

Վճռա­բեկ ա­տեա­նի կողմէ երկու դատական գործերը  միաց­ումը յաղթանակ եղած էր Տինքի ընտանիքին համար, որոնք կը ձգտէին լոյս սփռել սպաննութեան մէջ պատասխանատու կողմերու մեղսակցութեան վրայ:

«Սապահ» նաեւ կը նշէ, որ  սպաննութիւնը կատարուած էր ՄԻԹ-ի պաշտօնեաներու կողմէ  Աթաթուրքի հոգեզաւակ Սապիհա Կէօքչէնի հայկական ծագում ունենալու մասին խօսող Տինքի  յօդուածին վերաբերեալ կատարուած զգուշացումներէն եւ հանրային կարծիքի զայրոյթին եւ  անկէ բխած հնարաւոր վտանգի սպառնալիքներէն ետք:

Նշենք, որ Հրանդ Տինք սպաննուած է   Թաքսիմի  վրայ գտնուող  «Ակօս»ի   խմբագրատան շէնքին առջեւ՝   19  յունուար  2007-ին: