«Ակօս» հայկական պարբերականի հիմնադիր Հրանդ Տինքի սպաննութեան դատով կարեւոր լսումներ կը սպասուին: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ակօս»ը: Թերթը նաեւ կը գրէ, թէ յառաջիկայ 19 ապրիլէն սկսեալ Տինքի սպաննութեան օրերուն պաշտօնի վրայ եղող 26 ապահովական պատասխանատուներ իրենց վկայութիւնը պիտի տան Պոլսոյ 14-րդ ոճրադատ ատեանին առջեւ: Անուններէն կը նշուին մասնաւորապէս Ճէլալ Ալ Տին Ճարրահի եւ Ալի Ֆուատ Եըլամազարի անունները, որոնք Տինքի սպաննութեան ժամանակ եղած են պաշտօնի վրայ: Աղբիւրը կը հաղորդէ, որ Հրանդ Տինքի սպաննութեան խնդրով անոր դատապաշտպանները սպաննութեան դէպքէն անմիջապէս ետք պահանջած էին ապահովական մարմիններու այս պատասխանատուներուն դատարան ներկայանալը: Յիշեցնենք, որ Հրանդ Տինք սպաննուած է Թաքսիմի վրայ գտնուող «Ակօս»ի խմբագրատան շէնքին առջեւ՝ 19 յունուար 2007-ին: