image

Հիլըրի Քլինթընի Նիւ Եորքի ընտրական կեդրոնին մէջ «քար լռութիւն» կը տիրէ. BBC

Հիլըրի Քլինթընի Նիւ Եորքի ընտրական կեդրոնին մէջ «քար լռութիւն» կը տիրէ. BBC

Ըստ BBC Arabic կայանին, ԱՄՆ նախագահական ընտրութիւններու Տէմոքրաթական թեկնածու Հիլըրը Քլինթընի Նիւ Եորքի ընտրական գլխաւոր կեդրոնատեղիին մէջ «քար լռութիւն» կը տիրէ: Կայանը նաեւ ցուցադրած է վիտէօ մը, ուր Տէմոքրաթական թեկնածուի համակիրներ կ'արտասուին: Նշենք, որ այս պահու դրութեամբ Հանրապետական թեկնածու Տոնիլտ Թրմաբ երեւելի առաւելութիւն մը կը գրանցէ իր մրցակիցին դէմ: Ամերիկեան տարբեր պարբերականներու կայքեր կը գրեն, թէ Թրամբ շատ մօտ է ԱՄՆ նախագահական աթոռէն: