12 դեկտեմբերին, ՀՀ Պաշտպանութեան նախարար՝ Վաղարշակ Յարութիւնեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը պաշտօնական այցով մեկնած է Ռուսաստանի Դաշնութիւն, կը յայտնեն ՊՆ լրատուական ծառայութենէն:
Այցի ընթացքին նախատեսուած են ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի հանդիպումները ՌԴ պաշտպանութեան նախարար, բանակի զօրավար Սերգկէյ Շոյկուի եւ բարձրաստիճան այլ անձնաւորութիւններու հետ: