image

Հերթական ողբերգութիւն Լիբանանի մէջ. Ինքնաշարժի արկածի հետեւանքով զոհուած են 3 երիտասրդներ

Հերթական ողբերգութիւն Լիբանանի մէջ. Ինքնաշարժի արկածի հետեւանքով զոհուած են 3 երիտասրդներ

Լիբանանի Ռաս Ալ Մաթն շրջանին մէջ սարսափելի վթար մը տեղի ունեցած է, որ պատճառ դարձած է երեք պատանիներու մահուան:

«Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքին համաձայն, պատանիներու ինքնաշարժը բախած է ելեկտրական սիւնի:

Աղբիւրին փոխանցմամբ, զոհուած պատանիներէն մէկը քիք պոքսինկի միջզգային մրցանակակիր Սեզար Ղազալ է, երկրորդը Քուպայհ գիւղի գիւղապետի որդին՝ Ատոնայ Ալ Ահուար է, իսկ երրորդը Ռաս Ալ Մաթնէն Մահէր Սալհա է:

Ինքնաշարժին մէջ գտնուած է նաեւ չորրորդ պատանի մը Ռամի Սալհա անունով, որ այժմ հիւանդանոցն է եւ առողջական շատ ծանր վիճակի մէջ է: