image

HDP-ի Առաջնորդը կրնայ 5 տարուան բանտարկութեան ենթարկուիլ

HDP-ի Առաջնորդը   կրնայ 5 տարուան   բանտարկութեան  ենթարկուիլ

   Թուրքիոյ մէջ  գործող քրտամէտ  HDP կուսակցութեան ղեկավար Սալահ Էլ Տին Տէմիրթաշ կրնայ  մինչեւ հինգ տարուան  բանտարկութեան  պատիժի արժանանալ: Այս մասին կը փոխանցէ թրքական  «Տողան» լրատուական գործակալութիւնը: Աղբիւրը նաեւ կը   յայտնէ, թէ Թուրքիոյ   վերաքննիչ դատական ատեանը   այսօր  խօսած է  Տէմիրթաշի   դէմ  արձակուելիք հաւանական դատավճիռի  մը  մասին, որուն հիմամբ քիւրտ  առաջնորդը կրնայ  հինգ տարուան  բանտարկութեան   պատիժ  կրել: Կը հաղորդուի նաեւ, որ Տէմիրթաշի դէմ ուղղուած մեղադրանքը կապ ունի  վերջինիս  2013-ին  թուականին  PKK-ի առաջնորդ  եւ ցկենաս բանտարկուած Ապտուլլահ Օճալանին  նեցուկ կանգնելու վերաբերեալ հնչեցուցած  կոչերուն  հետ:Յիշեցնենք, որ  Թուրքիոյ մէջ  PKK քրտական    զինեալ  կազմակերպութիւնը    կը համարուի ահաբեկչական    կազմակերպութիւն: PKK-ի Հանդէպ նոյն մօտեցումը ունին՝ Միացեալ Նահանգներն  եւ Եւրոպական Միութիւնը: