Հայկական ստորաբաժանումը մօտ ժամանակներս Սուրիա պիտի մեկնի։ Այս մասին այսօր՝ 12 նոյեմբերին, լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Դաւիթ Տօնոյեանը։
Հրաժարելով նշել մեկնելու յստակ ժամկէտները՝ Տօնոյեան յայտնած է, որ աւարտին կը մօտենայ համապատասխան փաստաթուղթերու ստորագրման գործընթացը։
Նախարարը նաեւ ըսած է, որ հայկական ստորաբաժանումը պիտի Սուրիա պիտի մեկնի կամ այս տարուան վերջը կամ յաջորդ տարուան սկիզբը նշելով նաեւ, որ մարդասիրական առաքելութիւն կատարելու կոչուած հայկական գումարտակն արդէն իսկ պատրաստ է։