Քիւրտերու նախաձեռնութեամբ Րըմայլանի մէջ տեղի ունեցած կարեւոր ժողովին ներկայ եղած են նաեւ շրջանի հայութեան պատասխանատու ներկայացուցիչներ: Այս մասին գրած է Լոնտոն հրապարակուող «Շարըք Ալ Աուսաթ» օրաթերթը: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու կողքին, ժողովին ներկայ եղած են թուրքմէն, ասորի, սուրիանի եւ արաբ ներկայացուցիչներ: Նշենք որ լրատուական տարբեր աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ քիւրտերու շրջանին մէջ «դաշնային պետութիւն» ստեղծելու մասին որոշումը հրապարակուած է այդ ժողովէն անմիջապէս ետք: Այլ աղբիւրներ նաեւ կը հաղորդեն, որ նոյն ժողովին առնուած են կարեւոր որոշումներ, որոնց մասին տեղեկութիւններ չի փոխանցուիր: