image

Հայաստանի մէջ յառաջիկայ օրերուն կը սպասուին կարճատեւ անձրեւներ

Հայաստանի մէջ յառաջիկայ օրերուն կը սպասուին կարճատեւ անձրեւներ

Հայաստանի ողջ տարածքին այսօր՝ 14 յուլիսին օդի ջերմաստիճանը պիտի նուազի 2-3 աստիճանով: Ջերմաստիճանի նուազման զուգահեռ Երեւանի մէջ, առանձին հատուածներու մէջ,  հնարաւոր են տեղումներ՝ անձրեւի տեսքով:Այս մասին կը տեղեկանանք Արտակարգ Իրավիճակներու նախարարութեան պաշտօնական կայքէն: 

Օթերեւութաբանները կը խոստանան, որ հանրապետութեան առանձին շրջաններուն մէջ կարճատեւ անձրեւները պիտի շարունակուին մինչեւ 18 յուլիսը, որոշ շրջաններու մէջ նաեւ կարկուտի հաւանականութիւն կայ:

Քամիի ուժգնութիւնը հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ պիտի ըլլայ 3-8 մ/վ. ամպրոպի ժամանակ այն կրնայ հասնիլ մինչեւ 25մ/վ-ի:

Յուլիս 15-էն սկսած ամպրոպն ու անձրեւը պիտի դադարին, իսկ օդի ջերմաստիճանը պիտի բարձրանայ 3-5 աստիճանով։

Երեւանի մէջ այսօր ցերեկային ժամերուն օդի առաւելագոյն ջերմաստիճանը պիտի ըլլայ +32, գիշերային ժամերուն՝19-21, իսկ երեկոյեան՝ 26-28 աստիճան: