image

Հայաստանի մէջ յանցաւորութեան ցուցանիշները բարձրացած են

Հայաստանի մէջ յանցաւորութեան ցուցանիշները բարձրացած են

Հասատանի մէջ յանցագործութիւններու թիւը աճած է: Ըստ ՀՀ վիճակագրական կոմիտէի՝ յունուար- մայիս, 2019 թուականին արձանագրուած յանցագործութիւններու ընդհանուր թիւը կազմած է՝10429, իսկ նախորդ տարի նոյն ժամանակահատուածին արձանագրուած է 9028 դէպք, այսինքն այս տարի համեմատելով նախորդ տարուայ 1401-ով աւելի է:

2019ի վերոյիշեալ  գրանցուած յանցագործութուններէն՝ ծանր չեն 5190ը, միջին ծանր են 3557ը, իսկ ծանր են 3563, որ համեմատելով նախորդ տարուայ՝ 304-ով աւելի է: Առանձնապէս ծանր յանցագործութիւններու թիւը 119 է, որ 42 ով նախորդ տարուընէ նուազ է:

Անձի դէմ ուղղուած յանցագործութիւններու թիւն է 1 642, որ 309-ով պակաս է նախորդ տարուընէ, սպանութիւն՝ 20, սպանութեան փորձ՝13, դիտաւորութեամբ առողջութեան վնաս պատճառելը՝ 375:   

Սեռական անձեռնմխելիութեան եւ սեռական ազատութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւններու թիւը 43  է, որոնցմէ  9-ը՝ բռնաբարութիւն եւ բռնաբարութեան փորձ՝ նախորդ տարուայ 11 դէպքի փոխարէն:  

Հասարակական անվտանգութեան, հասարակական կարգի եւ բնակչութեան առողջութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւններու թիւը հաշուետու ժամանակին կազմած են 1 523:

Սեփականութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւններու թիւը կազմած  է 5 385, որ նախորդ տարուայ համեմատ 1541-ով աւելի է: