Հայաստանի մէջ սկսաւ «լռութեան օրը»: Այս պահէն սկսած՝ ընդհուպ մինչեւ ընտրական տեղամասերու փակումը երկրի մէջ կ'արգիլուի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցող քաղաքական ուժերու օգտին ցանկացած քարոզչութիւնը:
Յառաջիկայ կիրակի ժամը 08.00-էն մինչեւ 20.00 երկրի տարածքին պիտի բացուին 2010 ընտրական տեղամասեր, ուր չափահաս քաղաքացիները պիտի կարենան իրենց ընտրութիւնը կատարել ընտրապայքարի մէջ մտած 11 մրցակիցներէն մէկի օգտին: