Կառավարութեան այսօրուան նիստին մինչ օրակարգային հարցերուն անցնիլը անդրադարձ կատարուած է «քորոնա» ժահրի կանխարգելման աշխատանքներուն։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը նշած է, որ բոլոր անհրաժեշտ միջոցները կը ձեռնարկուին, եւ Հայաստանը կ'ապրի իր բնականոն կեանքով։ «Հանրութիւնը պէտք է համոզուած ըլլայ, որ եթէ ինչ-որ անհանգստացնող տեղեկութիւն ըլլայ, այն պիտի հանրայնացուի», -ըսած է Փաշինեանը՝ աւելցնելով, որ Զինուած ուժերու մէջ նոյնպէս կանխարգելման լուրջ միջոցառումներ ձեռնարկուած են եւ զինծառայողներու ծնողներուն ու հարազատներուն յորդորեց ըմբռնմամբ մօտենալ:
«ՀՀ քաղաքացիները պէտք է համոզուած ըլլան, որ կը բացառուի ինչ-որ բան թաքցնելու դէպք, ես գիտեմ, որ նման պարագաներուն խուճապ տարածողները կը շատնան, բացառուած է, որ ըլլայ դէպք, եւ կառավարութիւնը թաքցնէ այդ տեղեկութիւնը հանրութենէն», - ըսած է Նիկոլ Փաշինեանը՝ յորդորելով քաղաքացիներուն ապրիլ բնականոն կեանքով, քանի որ այս պահուն որեւէ անհանգստացնող բան չունինք:
Փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանն ալ ըսած է, որ յատուկ քարտեր կը լրացուին այն անձանց համար, որոնք վեանգաւոր երկիրներէ կը գործուղուին Հայաստան։
«Եթէ, այնուամենայնիւ, ժահրը թափանցէ Հայաստան, կանխարգելիչ բոլոր միջոցառումները ձեռնարկուած են, անգամ աւելի լաւ, քան շատ զարգացած երկիրներու մէջ», - վստահեցուցած է փոխվարչապետը։