Հայաստանի մէջ «Քորոնա»ի վարակակիրներու թիւը հասած է 30-ի։
Այս մասին յայտարարեց ՀՀ Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան։
Թորոսեան նաեւ նշեց, որ վերջին երկու պարագաներն ալ կապ ունին Էջմիածնի մէջ վարակի տարածման յայտնի դէպքին հետ։
Նախարարը նաեւ նշեց, որ իր վերջին տուեալներուն համաձայն Հայաստանի մէջ «Քորոնա»-ի 1 վարակակիր բուժուած է։
Յիշեցնենք, որ մահաբեր վարակը Հայաստան թափանցած էր առաջին անգամ Թեհրանէն եւ հիւանր պարագան անձամբ մօտեցած էր իրաւապահ մարմիններուն ըսելով, թէ բարձր ջերմութիւն ունի, որմէ ետք ալ անոր մօտ ախտորոշուած էր «Քորոնա»ի վարակ ունենալու խնդիրը, իսկ բոլոր անոնք, որ ինչ որ կերպո շփում ունեցած էին անոր հետ մեկուսացուած էին։