Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ գրանցուած են «Քորոնա» վարակի երեք պարագաներ։
Այս մասին յայտնած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, որ նաեւ գրառում մը կատարած է նիւթին շուրջ։
Վարչապետը նշած է, որ վարակակիրները Հայաստան ժամանած են Իտալիայէն անոնցմէ մին Իտալիոյ քաղաքացի է, իսկ միւս երկուքը ՀՀ քաղաքացիներ են։
Այսպիսով Հայաստանի մէջ «Քորոնա»-ով վարակուածներուն թիւը հասաւ 4-ի։