image

Հայաստանի եւ Արցախի մէջ «ԹՈՒՄՈ»ն առկախեց իր աշխատանքները

Հայաստանի  եւ Արցախի  մէջ «ԹՈՒՄՈ»ն առկախեց իր աշխատանքները

Հայաստանի եւ Արցախի  մէջ  գործունէութիւն ծաւալող    «ԹՈՒՄՈ» ստեղծարար  կեդրոնը       դադրեցուց իր աշխատանքերը։

 

 Այս մասին  կեդրոնը տեղեկութիւն  տարածած է   իր դիմատետրի   պաշտօնական էջով  նշելով,  որ   «ԹՈՒՄՈ»  կեդրոններու գործունէութիւնը  պիտի դադրեցուի մինչեւ      յառաջիկայ   12      ապրիլը։

 

 Կը   նշուի   նաեւ,   որ    «ԹՈՒՄՈ»ի այս  քայլը    կ՚իրականացուի    «Քորոնա» վարակին  դէմ  կատարուող կանխարգիլման  քայլերու ծիրին մէջ։

 

 Յիշեցնենք, որ   Հայաստանի եւ Արցախի    մէջ գործող  «ԹՈՒՄՈ» ստեղծարար  կեդրոններ կը յաճախեն շուրջ   քսան հազար պատանիներ։