image

Հայաստանի ելեւմտական շուկան բնականոն ձեւով կը գործէ. Հայաստանի Կեդրոնական Դրամատուն

Հայաստանի ելեւմտական շուկան բնականոն ձեւով կը գործէ. Հայաստանի Կեդրոնական Դրամատուն

Հայաստանի Հանրապետութեան ելեւմտական համակարգը կը շարունակէ բնականոն աշխատանքը։ Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնբրես»-ը, այս մասին յայտարարութիւն տարածած է ՀՀ Կեդրոնական դրամատան հասարակայնութեան հետ կապերու ծառայութիւնը․

«Ինչպէս աւելի վաղ յայտնած էինք, Հայաստանի Հանրապետութեան կեդրոնական դրամատունը յորդորած է առեւտրային դրամատուները եւ վարկային կազմակերպութիւնները ստեղծուած իրավիճակին մէջ վարկառուներու (օրինակ՝ հիւրատնային, ռեստորանային, փոխադրութեան, զուարճանքի ոլորտի մէջ գործող) վարկային պարտաւորութիւններու հանդէպ կիրառել անհատական մօտեցում, իրականացնել հաղորդակցում՝ երկկողմանի համաձայնութեամբ՝ անցանկալի հետեւանքներէն խուսափելու համար:

Բացի այդ, ՀՀ տարածքին մէջ գործող դրամատուներն ու վարկային կազմակերպութիւններն իրենց հայեցողութեամբ «քորոնա» ժահրի կանխարգելման միջոցառումներու շրջածիրէն ներս ռիսքային գօտիի վրայ գտնուող իրենց աշխատակիցներու (վաթսուն տարեկանէն բարձր, յղի կանանց եւ խրոնիկ հիւանդութիւններ ունեցողներու) համար ապահոված են հեռահար աշխատանքային պայմաններ։

Եւս մէկ անգամ կը յորդորենք քաղաքացիները օգտուիլ օնլայն ելեւմտական ծառայութիւններէն, վճարահաշուարկային յաւելուածներէն եւ առցանց դրամատնային ծառայութիւններէն, հարցերու պարագային կապ հաստատեցէք ձեզ սպասարկող ելեւմտական կազմակերպութեան հետ ու ստացէք ձեզ հետաքրքրող հարցերու պատասխանները, իսկ ձեզ հետաքրքրող այլ հարցերու համար կրնաք զանգել ՀՀ կեդրոնական դրամատան թէժ գիծին՝ 011561954, 011563950 010592697 հեռախօսահամարներով»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ: