Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ յայտարարեց իր հրաժարականը: Տարբեր առումներով անսպասելի համարուած հրաժարականէն անմիջապէս ետք լիբանանեան թատերաբեմի կարգ մը քաղաքական գործիչներ սկսան խօսիլ գալիք հաւանական վտանգներուն մասին:
Գաղտնիք չէ, որ Սաատ Հարիրին կը համարուի լիբանանցի սիւննիներու «տէր եւ տիրական» համարուող Սէուտական Արաբիոյ թիւ մէկ գործակիցը, հետեւաբար խօսք կ'ըլլար տնտեսական տագնապի մը եւ լիբանանեան թղթոսկիի հաւանական արժեզրկման մասին:
Հրաժարումէն անմիջապէս ետք երէկ այս մասին խօսեցաւ Լիբանանի կեդրոնական դրամատան ընդհանուր կառավարիչ Ռիատ Սալամէ, որ յայտարարեց, թէ լիբանանեան թղթոսկիին վրայ վախ չկայ եւ իրենք, որպէս Կեդրոնական դրամատուն, բոլոր հիմնական գործառնութիւնները կատարած են երկիրը հաւանական տագնապէ մը հեռու պահելու համար:
Իր կարգին լիբանանցի տիւրզի առաջնորդ երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ, դվիթ մը կատարելով, յայտարարեց. «Լիբանանը, որպէս երկիր շատ փոքր է այս հրաժարականին հետեւանքով յառաջ գալիք մարտահրաւէրներու ու տագնապներուն դիմաց»:
Ճիշդ է, որ տակաւին յստակ չէ, թէ ինչպիսի սցենար մը կը սպասէ Լիբանանին, սակայն աւելի քան յստակ է, որ Լիբանան այսօր մտած է Ռիատ-Թեհրան լարուածութեան ամէնէն մութ փակուղիներէն մին ու հաւանական է նաեւ, որ այս իրավիճակը սկիզբ մը դնէ տարբեր մակարդակներու վրայ գոյանալիք «բախումներ»ու:
Այդ բախումները կրնան զինուորական չըլլալ, բայց հանգամանքը, որ երկրին խաղաղ, անվտանգ եւ համեմատաբար կայուն օրերը այսօր կը գտնուին մեր ետին իրականութիւն է: