Ամերիկեան «New York Times» թերթը գրած է. «Ո՞ւր է Սաատ Հարիրի. Լիբանան կ'ուզէ իմանալ»:
Թերթը անդրադարձած է Լիբանանի ինքնիշխանութեան, նշելով, որ Իսրայէլ լիբանանեան հողերու մեծ մասը գրաւած է, սուրիական ուժերը երկար տարիներ այնտեղ մնացին, «Հըզպալլա» Իսրայէլի դէմ պատերազմեցաւ, այնուհետեւ միջամուխ եղաւ Սուրիոյ պատերազմին, իսկ ԱՄՆ, Ֆրանսա եւ Բրիտանիա, ամբողջ մէկ դար միջամտեցին երկրին ներքին խնդիրներուն:
«Ի՞նչ պատահեցաւ վերջին օրերու ընթացքին»,- հարց բարձրացուցած է թերթը, շեշտելով, որ Հարիրի մտադիր չէր հրաժարական ներկայացնելու, ան մեկնեցաւ Ռիատ, եւ այնտեղէն հրաժարելով անակնալի բերաւ անգամ իր ամենամօտիկ խորհրդականները: Այնուհետեւ ան Լիբանան չվերադարձաւ, եւ ոչ ոք գիտէ, թէ ե՞րբ պիտի վերադառնայ, կամ պիտի վերադառնա՞յ:
Հարիրիի հրաժարականէն ժամեր անց, կը պատմէ թերթը, Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մուհամմատ Պին Սալման 500 անձի ձերբակալութեան հրաման արձակեց, որոնց թուին են 11 էմիրներ, իսկ Հարիրի Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ երկքաղաքացի է ու Արաբական Ծոցի երկիրներուն մէջ գործունէութիւն կը ծաւալէ:
Անդրադառնալով լիբանանեան «Ալ Ախպար» թերթի յայտարարութեան, թէ Հարիրի «գերի» բռնուած է, միաժամանակ յիշելով, որ օրեր առաջ զինք Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ տարած էին, Ապու Տապիի գահաժառանգին հետ հանդիպում ունենալու համար, թերթը նշած է, որ ոմանց կարծիքով, Հարիրի ազատութեան մէջ է, եւ կը մեկնի այնտեղ, ուր կը ցանկայ, իսկ ուրիշներու կարծիքով, Սէուտական Արաբիա զինք տեղէ տեղ կը փոխադրէ:
Թերթը վկայակոչած է նաեւ օրերս լրատուամիջոցներու տարածած յայտարարութեան, թէ Հարիրի Պահրէյն պիտի տարուի, իսկ Սինիորա յայտարարած էր, թէ ան Պէյրութ պիտի վերադառնար, սակայն ան Ռիատ վերադարձաւ: