image

ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարի հարցը լուծուած չէ. Տմիթրի Պեսկով

ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարի հարցը լուծուած չէ. Տմիթրի Պեսկով

Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահի մամլոյ խօսնակ Տմիթրի Պեսկովը յայտարարած է, որ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարի հարցը  չէ լուծուած:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնբրես»-ը, վկայակոչելով ՌԻԱ նովոսթին, Տմիթրի Պեսկովը այդ մասին ըսած է լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ՝ անդրադառնալով հարցին՝ լուծուա՞ծ է ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարի նշանակման հարցը:

«Ոչ, հարցը չէ լուծուած: Բնականաբար, ԵԱՏՄ անդամ երկիրներու ղեկավարներու զրոյցի ընթացքին օրակարգէն դուրս այդ հարցի քննարկումը նախաձեռնած է Ալեքսանտր Լուքաշենկոն: Սա նորմալ ձեւաչափ է, իւրաքանչիւր երկրի ղեկավար ազատ է բարձրացնել այն հարցերը, որոնք անհրաժեշտ կը համարէ»,- ըսած է Պեսկովը:

Անոր խօսքով՝ այդ պահուն բանակցութիւններու սեղանի շուրջ բոլորը ներկայ չեն եղած: «Աշխատանքները պիտի շարունակուին»,- ընդգծած է ՌԴ նախագահի մամուլի խօսնակը:

Եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհրդի նիստէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ Պելառուսի նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենկոն յայտարարած էր, որ ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարի հարցը լուծուած է, եւ այդ պաշտօնին պիտի նշանակուի Պելառուսի ներկայացուցիչը: Պելառուսի նախագահի յայտարարութիւնը հերքած էր ՀՀ վարչապետի մամլոյ խօսնակ Արման Եղոյեանը՝ նշելով, որ ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարի հարցը չէ լուծուած: