Հիւսիսային Իրաքի Քրտական ինքնավար շրջանի ղեկավար Մէսուտ Պարազանի հարցազրոյց տուած է Լոնտոն հրատարակուող «El-Hayat» թերթին, որուն ընթացքին անդրադարձած է 25 Սեպտեմբերին տեղի ունենալիք անկախութեան հանրաքուէի թեմային:
Ըստ թրքական «Akşam» թերթի կայքին, հարցազրոյցի ընթացքին Պարզանի մասնաւորապէս ըսած է, որ հանրաքուէի գլխաւոր նպատակը նոր աղէտներու եւ պատերազմներու կանխումն է:
Ըստ անոր, այլեւս անկախութեան հանրաքուէի հարցին մէջ «դարձի ճամբայ չկայ» :
Անդրադառնալով այն մարդոց, որոնք դէմ եղած են 25 Սեպտեմբերին հանրաքուէի կայացման, Պարզանի նշած է.
«Եթէ սպասենք ուրիշներու համաձայնութիւնը, հանրաքուէի իրականացման համար նպատակայարմար ժամանակ պիտի չըլլայ: Միայն Քիւրտիստանի ժողովուրդը կրնայ որոշել հանրաքուէի օրը»: