Երկուշաբթի, 29 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 8-ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի թիւ երեք սրահին մէջ Համազգայինի կազմակերպութեամբ տեղի պիտի ունենայ մտերմիկ հանդիպում մը ծանօթ գրականագէտ, իմաստասէր Մարկ Նշանեանի հետ՝ իր «Պատկեր, պատում, պատմութիւն» նոր գիրքին հրատարակութեան առթիւ։
Հատորը, որ կը կրէ «Փիլիսոփայական բարեկամութիւն մը» խորագիրը, հրատարակուած է «Աքթուալ արուեստ»-ի կողմէ, Երեւան, հովանաւորութեամբ Աշոտ Յովհաննիսեանի անուան մարդասիրական հիմնարկին։ Այս երկը երկհատոր շարքի մը առաջինն է։
Իր այս գործով Նշանեան կ'ուսումնասիրէ լուսանկարչուհի Քարոլ Ֆէքէթէի լուսանկարները ու ֆրանսացի մտաւորականներ Մորիս Պլանշոյի եւ Ժորժ Պատայլի գրական ու փիլիսոփայական գործերը, պատկերի, պատումի ու պատմութեան հարցերը ներկայացնելով ժամանակակից դիտանկիւնէ։
«Ամէն դէպքի մասին կարելի է վկայել։ Բայց օրինակ վկայութեան խախտումին մասին կարելի՞ է վկայել։ Այն ալ դէպք մը չէ՞ ուրիշ դէպքերու կարգին։ Ահաւասիկ հարցումը, որ վերապրողը կը հարցնէ ինքն իրեն անդադար, եւ միայն ի՛նք կրնայ հարցնել։ Ինչպէ՞ս կ'ըլլայ, որ այդքան քիչ բան գիտենք այս նիւթերուն շուրջ» հարց կու տայ Նշանեան իր գիրքին մէջ։
Երեկոյթի վարելն ու հեղինակը ներկայացնելը պիտի կատարի Րաֆֆի Աճէմեան։