«Huffington Post»-ը յօդուած մը հրապարակած է Մաթա Հարի անունով հոլանտացի լրտեսին մասին, որ տասնամեակներ շարունակ մեծ համբաւ վայելեց որպէս լրտես, ու «Լրտեսներու լրտես» կոչումն ստացաւ:
1876 թուականին ծնած Մաթա Հարիի մայրը մայրը ինտոնեզիացի էր, հայրը՝ հոլանտացի վաճառական, սակայն որոշ ժամանակ անց հայրը սնանկանալով սկսած է ապրանքներու գովազդմամբ զբաղիլ:
Երիտասարդ տարիքին ամուսնացած է գեղեցիկ սպայի մը հետ, որ որոշ ժամանակ անց փորձած է զինք ու իր գեղեցկութիւնն օգտագործել գումար վաստակելու համար, որուն պատճառով ալ Մաթա իր դստեր հետ փախուստի դիմած է:
Ամուսինէն բաժնուելով ան իր դստեր հետ կը հաստատուի Փարիզ, ուր օրուան ապրուստը հոգալու համար իր միակ միջոցը կ'ըլլայ պարուհի դառնալ, եւ որոշ ժամանակ անց այնքան փայլած է իր ասպարէզին մէջ, որ անոր համբաւը տարածուած է անգած Փարիզէն դուրս ու դարձած է համաշխարհային լաւագոյն պարուհիներէն մէկը:
Առաջին Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն մաթա Հարի գերմանացիներու կողմէ առաջարկ կը ստանայ Գերմանիոյ հետախուզական մարմիններու հաշուին աշխատելու եւ կ'ընդունի առաջարկը:
Փարիզ վերադառնալով կը շարունակէ պարուհիի ասպարէզը, ուր եւ բացայայտուելով իր լրտես ըլլալու հանգամանքը ֆրանսացիները կ'առաջարկեն իրեն որպէս երկակի գործակալ իրենց հետ համագործակցի, ու հակառակ անոր, որ Մաթա կ'ընդունի առաջարկը, սակայն ֆրանսացիներն ամբողջութեամբ չեն վստահիր իրեն:
Մաթա Հարիին պարտականութիւն կը տրուի Պելճիքա գտնուող 6 ֆրանսացի գործակալներու հետ համագործակցիլ, սակայն ան երկու շաբթուան ընթացքին գնդակահարելով կը սպաննէ զանոնք, բան մը, որ Ֆրանսայի զայրոյթը կ'առաջացնէ:
1916 թուկանին Հարի սերտ յարաբերութիւններ կը մշակէր ֆրանսացի, անգլիացի եւ ռուս սպաներու հետ, որոնց մասին ծածկագրուած նամակներ կը յղէր Գերմանիա, նամակները խորագրելով՝ «Նամակ զաւկիս» կեղծ խորագրով:
Հակառակ անոր, որ Գերմանի Հարիի շնորհիւ մեծ յաղթաակներ ձեռք բերաւ, սակայն շատ չանցած ֆրանսական պետութիւնն սկսաւ պատրուակներ փնտռել զինք ձերբակալելու համար:
1917 թուականին մփաթա Հարի կը ձերբակալուի, մեղադրուելով Գերմանիոյ օգտին լրտեսութիւն կատարելու եւ 15 սպայ սպաննելու մէջ:
Հարիի դէմ մահապատիժը կիրառուած է 1917 թուականի հոկտեմբերի 15-ին: Մահապատիժի կիրառումէն անմիջապէս առաջ Հարի ըսած է. «Երբ զիս սպաննէք, ոչինչ պիտի ունենաք ձեր ձեռքը: Ի՞նչ կը կարծէք: Պատերազմը պիտի շահի՞ք»: