Հալէպի ամենածանր օրերուն լոյս աշխարհ եկած փոքրիկն Կարէն Տլտըլեան (ծնեալ՝ օգոստոս 2016–ին, ծնողները՝ Աբիկ եւ Ծովիկ Տլտըլեաններ) օրեր առաջ արժանացած է Սուրբ Մկրտրութեան խորհուրդին: Այս մասին լուրը «Արեւելք» ստացաւ փոքրիկին հարազատներէն:
Անոր մկրտութեան խորհուրդը տեղի ունեցած է Հալէպի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ Բերիոյ Թեմի երիտասարդ եւ կարող քահանաներէն` Տ. Խորէն քհնյ. Պէրթիզլեանին:

Կ'իմանանք նաեւ, որ երեխային կնքահայրութիւնը կատարած է հալէպահայ բանաստեղծ Յակոբ Տլտըլեան, որ գրական շրաջանակներուն ծանօթ է Յակոբ Նալպանտ ծածկանունով:
Յակոբ Նալպանտ այս մասին «Արեւելք»ի Հալէպի թղթակիցին խօսելով ըսած է՝ «խորհրդանշական էր մեր փոքրիկին մկրտութեան արարողութիւնը: Անոր ծնած օրը ես կը գտնուէի Լաթաքիա ու այդ օրերուն անհնար էր Հալէպ վերադառնալ. Բոլոր ճամբաները փակ էին, ու Հալէպ կը գտնուէր շրջափակման մէջ: Ուրախ ենք, որ այսօր իրավիճակը մեծապէս փոխուած է» ըսած է Նալպանտ նշելով, որ փոքրիկն Կարէնին մկրտութիւնը յոյսի եւ հաւատքի նշան է ու «վստահ ենք, որ Հալէպի գալիք օրերը պիտի ըլլան խաղաղ եւ նախկին Հալէպին վերադառնալու յոյսով լեցուն օրեր»:

Նշենք, որ կնունքի արարողութիւնէն ետք հրաւիրեալները ներկայ եղած են ընդունելութեան մը, որ տեղի ունեցած է հալէպահայու պատկանող «Քորտոպա» ճաշարանէն ներս:
«Արեւելք» այս առիթով կը կիսէ Տլտըլեան ընտանիքի ուրախութիւնը, փոքրիկն ՝ Կարէնին մաղթելով ապահով եւ բախտաբեր օրեր: