Հալէպի կեդրոնական հատուածին մէջ գտնուող Սահըտ Ալլլա Ժապէրէի հրապարակը անմխիթար իրավիճակ մը կը պարզէ այսօր: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արեւելք»ի Հալէպի աղբիւրը, ահաբեկիչ զինեալներով շրջապատուած հրապարակին ուղղութեամբ ահաբեկիչ դիպուկահարներու կրակները անպակաս են: Հրապարակը կը գտնուի Ազիզիյէ շրջանի կից եղող Հալէպի հանրային մեծ պարտէզի կողքին: Հալէպեան այս հատուածը յաճախ յիշուած է սփիւռքահայ գրող Անդրանիկ Ծառուկեանի գործերուն մէջ: Նշենք, որ հրապարակը Սաատ Ալլա Ճապէրի անունը կը կրէ ի յիշատակ Սուրիոյ Արաբական Հարապետութեաան շրջանի առաջին վարչապետութեան պաշտօն ստանձնած Սաատ Ալլա Ալ Ժապէրիի յիշատակին, որ երկրի վարչապետութիւնը վարած էր 1943- 1947 ժամանակահատուածին:
