image
Հրատապ լուրեր:

«Հալէպի մէջ մենք մէկ սիրտ եւ մէկ ձեռք ենք» Վրէժ Իշխանեան

«Հալէպի մէջ   մենք մէկ սիրտ  եւ մէկ ձեռք ենք»  Վրէժ  Իշխանեան

 «Արեւելք»ի   հարցումներուն  կը պատասխանէ  Հալէպի նահանգային խորհուրդի հայ թեկնածու Պրն. Վրէժ Քէշիշեան:

-Պրն. Քէշիշեան, ի՞նչ նպատակներով ձեր թեկնածութիւնը դրիք կիրակի օր նախատեսուած ընտրութիւններուն:

Իմ թեկնածութիւնս դնելու պատճառներէն մէկը այն էր, որ մենք որպէս սուրիահայեր, դեռ ներկայութիւն ենք այս երկրին մէջ՝ Սուրիոյ մէջ եւ մենք մեր դերը պէտք է ունենանք անոր հարցերու լոծման մէջ, ինչպէս որեւէ այլ համայնքի անդամ կամ ոեւէ այլ Սուրիոյ քաղաքացի ունինք մեր իրաւունքները եւ պարտականութիւնները այս պետութեան հանդէպ, ուր կ'ապրինք:

 

 

-Եթէ Կիրակի օր բարեյաջող անցնի եւ դուք դառնաք լիիրաւ անդամը այդ խորհուրդին, ի՞նչ առաջարկներով հանդէս պիտի գաք, ի՞նչ դեր վստահուած է ձեզի եւ ի՞նչ առաջարկներ պիտի կատարէք այս խորհուրդին մէջ:

Յաջողութեան պարագային, պիտի փորձենք մեր կարելիին չափ զարգացնել երկիրը: Անշուշտ պատերազմի եւ ճգնաժամի պատճառով Սուրիոյ շատ մը կառոյցները եւ ենթակառուցուածքը քանդուեցաւ, մենք պիտի փորձենք Սուրիան վերադարձնել ոչ միայն պատերազմէն առաջ եղած վիճակին, այլ աւելի լաւին, եւ այնքան ժամանակ որ մենք կը սիրենք մեր երկիրը, նախանձախնդիր ենք անոր բարելաւման եւ մէկ ձեռք ենք, կրնանք երկիրը հասցնել իր լաւագոյնին ,բոլոր ոլորտներուն մէջ՝ ջուր, ելեկտրականութիւն, վերանորոգում եւայլն:

 

-Յաճախ կը խօսուի որ Հալէպի մէջ հայութիւնը միասնակամ է, բայց յատկապէս այս ընտրութիւնները ցոյց տուին, որ հայութիւնը միասնական ճիգով մը պիտի չներկայանայ այս ընտրութիւններուն, կան անկախ ներկայացուցիչներ եւ կան նաեւ Բերիոյ թեմի կողմէ առաջադրուած ներկայացուցիչներ, ի՞նչ կ'ըսէք այս առումով:

Մենք՝ Սուրիոյ հայերս, բոլորս մէկ ձեռք ենք, ոեւէ անձ մը եթէ յաջողի, այդ յաջողութիւնը բոլոր հայութեանն է:

Ինչ կը վերաբերի մրցակցութեան, կայ մեթր Մարիա Գաբրիէլեանը, որ առաջին շրջանակի նահանգային խորհուրդի ցանկէն է  եւ  մեթր Նորա Գրաճեանը  որ նոյնպէս առաջին շրջանակի նահանգային խորհուրդի ցուցակէն է, ես առաջին շրջանակ եմ, բայց քաղաքային խորհուրդի, այսինքն ոչ մէկ խաչաձեւում կայ մեր շահերուն միջեւ, ընդհակառակը, մեր միջեւ համագործակցութիւն կայ, հակառակ անոր, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը առանձինն կ'աշխատի, բայց համագործակցութիւն միշտ կայ, մենք մէկ սիրտ եւ մէկ ձեռք ենք:

Նաեւ կ'ուզեմ նշել, որ հայկական բոլոր դաւանանքները՝ լուսաւորչական, բողոքական կամ կաթողիկէ, կ'աջակցին բոլոր հայ թեկնածուներուն, իրենց համար վեցս ալ հայ համայնքի զաւակ ենք եւ կ'աշխատինք առանց կողմանկցութեան, եւ անշուշտ իրենք վստահ են որ մեզմէ ոեւէ մէկը երբ յաջողի, իր անձին համար պիտի չաշխատի, այլ բոլոր հայութեան համար եւ նաեւ բոլոր սուրիացիներուն համար, որովհետեւ ի վերջոյ մենք մէկ ժողովուրդ ենք: